«ԱՐԱՍ»Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԻ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՄԲ
«Արաս» հրատարակչութիւնը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը, այս տարի Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառին մասնակցութիւն կը բերէ արդէն այս յոբելենական շրջանին։
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը բովանդակ երկրին մէջ կը նշուի համատարած խանդավառութեամբ: Ամբողջ Թուրքիան համակուած՝ դարադարձի բարձր տրամադրութեամբ եւ ազգային անխախտ միասնականութեան ու համախմբման վերանորոգ գիտակցութեամբ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հաւանական կը նկատէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ մօտաւոր ապագային դրական տեղաշարժը։
Թիֆլիզի մէջ, Վրաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային ֆորումը առիթ հանդիսացաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփումի մը։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջնորդութեամբ մէկտեղուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով, որոնք մասնակցեցան վերոյիշեալ ֆորումին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Արցախէն բռնի տարհանուածներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միշտ խոշորացոյցի տակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով՝ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Շիշլիի քաղաքապետարանը հիւրընկալեց՝ այժմ Յունաստան հաստատուած յիսուն նախկին թաղեցի:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Պիշքեքի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու միջկառավարական խորհուրդներու ժողովներուն։
Միշելի միջնորդութեամբ ամսավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ:
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Գանատայի նոր դեսպանատան բացումը տեղի ունեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ նաեւ բարձր մակարդակի այցելութեան մը։ Այսպէս, դեսպանատան բացման առթիւ Երեւան այցելեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, որ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։