ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ՏՈՒԱՒ՝ ԱՌԿԱՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երկրի առկայ տնտեսական դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ հանդէս եկաւ խրախուսական պատգամներով։ Անգարայի մէջ, կառավարութեան հերթական ժողովէն վերջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան ընթացիկ յայտարարութիւնները ըրաւ՝ ազգին ուղղեալ խօսքի ձեւաչափով։
Անգարայի մէջ երէկ սկաւ 14-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի գլխաւորութեամբ, խորհրդաժողովի մասնակիցները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։
Համահայկական 8-րդ խաղերը սկսան բարձր տրամադրութեամբ. միասնութեան, եղբայրութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան պատգամ: Համաշխարհային կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւնը համախմբեց Հայաստանի ղեկավարութիւնն ու սփիւռքէն հիւրերը:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը փառաշուք ելոյթով մը հերթական անգամ հմայեց հանդիսատեսները:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ վերջերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ի շարունակութիւն այժմ կը սպասուի անոնց դէմ դիմաց հանդիպման, որու մասին համաձայնութիւն գոյացած էր։
Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալմամբ շաբաթավերջին Ճիտտէի մէջ տեղի ունեցաւ «Ուքրայնայի խաղաղութեան խորհրդաժողովը»։ Աշխարհի աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներէն՝ ազգային անվտանգութեան գծով բարձրաստիճան պաշտօնատարներ համախմբուեցան Ճիտտէի մէջ, ուր չէ հրաւիրուած Ռուսաստան։
Այսօր Սէուտական Արաբիա կը հիւրընկալէ միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը, որ կը համախմբէ աշխարհի շուրջ երեսուն երկիրներէ ներկայացուցիչներ, բոլոր ցամաքամասերէն։ «Ուքրայնայի խաղաղութեան խորհրդաժողով» անուանեալ այս հաւաքոյթը կազմակերպուած է Ճիտտէ քաղաքին մէջ։
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն առանցքին վրայ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր աշխուժութիւն չի նկատուիր։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարա յամառօրէն Պրիւքսելէն կը պահանջէ՝ վերատեսութեան ենթարկել եւ այժմէականացնել Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համալսարանի ուսանողները ցուցադրեցին իրենց կողմէ բանուած կարպետները (քիլիմները)։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ