ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ
Պաշարեալ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապի հետեւանքներու նկարագրումը հետզհետէ կը դառնայ անկարելի։ Ստեփանակերտէն հասած լուրերը խորապէս մտահոգիչ են։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան երէկ տեղեկացուց. «Առկայ են իրավիճակներ, որոնց յաղթահարման համար այլեւս կը բացակային անհրաժեշտ միջոցներն ու հնարաւորութիւնները»։
Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ընդհանուր առմամբ, եռօրեայ խտացեալ ծրագիրը բաւարարեց նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք համախմբուեցան համահայկական այս ձեռնարկին առթիւ։ Բոլորի տպաւորութիւնը այն էր, թէ երիտասարդութեան մտահորիզոնները կը համարուին հայութեան տեսակէտէ յուսադրիչ ապագայի մը նախադրեալը։
Գիտաժողով. «Հայութեան տեղաշարժերն ու փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին»:
«Երիտասարդներու կողմէ՝ երիտասարդներու համար» կարգախօսով կազմակերպուած Երեւանի Ազգային երիտասարդական համաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Համահայկական այս հաւաքի առաջին երկու օրերուն նոր սերունդի ներկայացուցիչները խտացեալ քննարկումներ ծաւալեցին՝ ծրագրով նախատեսուած օրակարգի նիւթերուն շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան դադրեցումէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։
Արցախի մարդասիրական ծանր տագնապը ժամ առ ժամ կը խորանայ՝ հակառակ բոլոր ջանքերուն:
Թուրքիոյ մէջ բողոքի մեծ ալիք ստեղծուած է «Disney Plus» հեռուստահարթակին դէմ։ Ամերիկեան այս՝ ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու հարթակը վերջերս որոշած է՝ հրաժարիլ Աթաթիւրքի վերաբերեալ նիւթի մը սփռումէն։
Աշխարհի աւելի քան 50 երկիրներէ 18-35 տարեկան շուրջ 600 հայ երիտասարդ համախմբուած Երեւանի մէջ:
Արցախի յարատեւ պաշարումը հետզհետէ կը խորացնէ մարդասիրական տագնապը։ Մինչ այդ, Կարմիր խաչի կողմէ բուժման համար Հայաստան փոխադրուելու ճանապարհին առեւանգուած 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանէն որեւէ լուր չկայ։
Անգարա Պաքուի հետ շփումներու ծիրին մէջ միշտ կը պնդէ Զանգեզուրի միջանցքի բացման վրայ: