ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ
Հանրապետութեան նախագահի եւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան՝ ընտրողներու 86,28 տոկոսին մասնակցութեամբ:
Պատմական արդիւնք եւ յստակ պատկեր:
Քուէարկութեան երկրորդ փուլը անխուսափելի:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան-Քեմալ Քըլըչտարօղլու մրցակցութիւնը ստեղծեց նոր հաւասարակշռութիւններ: Խորհրդարանէն ներս ԱՔ կուսակցութեան գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքը ապահովեց մեծամասնութիւն: Թուրքիոյ մէջ ազգայնական տրամադրութիւնները վերելք արձանագրած են անհերքելիօրէն: Մինչեւ 28 մայիս քարոզարշաւը պիտի շարունակուի: