ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ առանցքային հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։

Արարատ Միրզոյեան, որ ներկայիս ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Ամերիկա, Արժանթինի մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն։ Միրզոյեան ներկայացուց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս առկայ առանցքային հարցերը եւ անոնց վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումները։ Իր խօսքով՝ գործընթացին մէջ կայուն յառաջընթաց արձանագրելու համար երկուստեք յանձնառութեան ցուցաբերումը պէտք է ըլլայ օրուան հրամայականը։ «Հայաստան ունի նման յանձնառութիւն, սակայն Ատրպէյճանի գործելաոճը չի վկայեր համարժէք փոխադարձութեան գոյութեան մասին», ըսաւ նախարարը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ հերթական անգամ խրախուսական արտայայտութիւն ունեցաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն կապակցութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր ըսաւ. «Մեր նպատակն է խրախուսել Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ աշխատիլ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրին հասնելու ուղղութեամբ»։

Բանբերը այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ ապրիլի 5-ին, Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած հանդիպման ընդառաջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024