ՀԱՆՃԱՐԻՆ ՕՐԵՐԸ
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած պատմական ձեռնարկներուն թուականը կը մօտենայ:
Եզակի ժամադրութիւն:
Երաժշտասէրները անհամբերութեամբ կը սպասեն յաջորդ հինգշաբթի՝ սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան CRR-ի բեմին վրայ ողջունելու համար Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակն ու Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբը, որոնք եզրափակիչ փուլին միասնաբար պիտի մեկնաբանեն մեծանուն վարպետին «Սուսերով պար»ը: Սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի նաեւ առասպելական վարպետին ճանապարհորդութիւններուն վերաբերեալ գծաֆիլմ մը:
Շահան Արծրունի հանգամանալից զեկուցումով եւ Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյի դաշնամուրով հանդէս պիտի գայ՝ պաշտօնական հիւրերուն առջեւ:
Հանդիսաւոր համերգը պիտի զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին: Նախապատրաստական աշխատանքները թափով ու բծախնդրութեամբ յառաջ կը տարուին՝ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ մշտական ներկայացուցչութեան վերահսկողութեան ներքեւ, կարգադիր յանձնախումբի ջանքերով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրադարձութիւններուն եւ Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ լարուածութեան։
Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ «Politico Europe»ին, նաեւ երէկ հանդէս եկաւ խորհրդարանի ամպիոնէն՝ պատասխանելով հարցումներու:
Պատմաբան, ակադեմական ու դիւանագէտ տքթ. Ժիրայր Լիպարիտեան այս շրջանին հրատարակած է անգլերէն նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Անկայուն Հայաստան. Երրորդ Հանրապետութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւններ»։
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլեւըրլին, որ հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի ավտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսին Զանգեզուրի միջանցքի բացման աշխատանքները։
Երեւանի կեդրոնին արդէն սկսած են գործել ելեկտրական հանրակառքեր։ Յառաջիկային կը նախատեսուի հետզհետէ բարձրացնել անոնց թիւը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Լեզուակռիւի սեմին հասած բանավէճի պայմաններով երէկ Մոսկուայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Երեւանին: