ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՌԱՒ ԻՐ ՔԱՅԼԸ. ԳՆԴԱԿԸ ԱՄՆ-Ի ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ
Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան։ Համապատասխան արձանագրութիւնը խորհրդարանին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան, ՄՀՓ-ի, ՃՀՓ-ի եւ «Կելեճէք» կուսակցութեան երեսփոխաններու քուէներով։
ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն երէկ Պաղտատի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ռեշիտի եւ վարչապետ Մուհամմէտ Շիա Էս-Սուտանիի հետ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ շիի եւ սիւննի, ինչպէս նաեւ թիւրքմէն խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը պատրաստուի թողարկել՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ անմոռանալի արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի երգերու նուագարանային մշակումները թաւջութակի եւ նուագախումբի համար։
Չինաստանն ու Ատրպէյճանը կը ծրագրեն ընդլայնել առեւտրային համագործակցութիւնը։ Պաքուի մօտ Չինաստանի դեսպան Կուօ Մին երէկ անդրադարձաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։
Նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի երէկուան հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին շուրջ:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր դարձեալ ժողով մը կը գումարէ Պաղեստինի հարցին շուրջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ սպառազինութեան ոլորտէն ներս Ռուսաստանի հետ խնդիրները մեծամասնութեամբ կարգաւորուած են։ Ծանօթ է, որ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ատենէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու շարքին կ՚առանձնանար այս հարցը։
Հայկական ֆութպոլի մեծ աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան այս շրջանին թեւակոխած է իր ծննդեան 35-ամեակը։ Ան ներկայիս կը կրէ Իտալիոյ «Ինթեր» ակումբի մարզաշապիկը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան զանազան երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած երկրի դեսպանները։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ այս երկօրեայ հաւաքը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
Թուրքիա միջազգային զանազան ուժի կեդրոններու հետ շփումներով յառաջ կը տանի իր դիւանագիտութիւնը: