ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԻ ՇՓՈՒՄ
Արարատ Միրզոյեան Հաքան Ֆիտանը շնորհաւորեց՝ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու առթիւ:
Անգարա եւ Երեւան կը վերահաստատեն պատրաստակամութիւնը՝ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման համար:
Արարատ Միրզոյեան Հաքան Ֆիտանը շնորհաւորեց՝ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու առթիւ:
Անգարա եւ Երեւան կը վերահաստատեն պատրաստակամութիւնը՝ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման համար:
Ըստ Միշուսթինի, նոր ենթակառուցուածքային երթուղիներու ստեղծումը կը բխի տարածաշրջանի շահերէն:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի վարչապետները Մինսքի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցան՝ ԵԱՏՄ-ի ժողովի շրջանակէն ներս:
Տնտեսութեան բնագաւառի մարտահրաւէրները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ հրատապ օրակարգը։ Յետընտրական շրջանին իշխանութիւնները արդէն կը պատրաստուէին այս ոլորտին մէջ ազդու քայլերով հանդէս գալ։
Ազգային մեծ ժողովը արդէն կը ձեւաւորէ իր նոր շրջանի դիւանը։ Երէկ, խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Նուման Քուրթուլմուշ, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի կողմէ։ Քուէարկութեան առաջին երկու փուլերուն ան չկրցաւ ապահովել անհրաժեշտ 400 ձայնը։
Անգարայի ղեկավարութեան նոր յառաջատար դէմքերը արդէն գրեթէ ամբողջութեամբ յայտնի դարձած են։ Այս շրջանակէն ներս Պեշթեփէի մէջ ալ պաշտօնի կը կոչուին նոր դէմքեր, որոնք յառաջիկայ շրջանին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի անմիջական գործակիցները պիտի ըլլան։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Երեւան-Պաքու հերթական բանակցութիւնները։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի՝ յունիսի 12-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ։
Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հաշմանդամներու դաշնակցութեան վարչայիններէն Յարութիւն Էրկիւնէշը։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ յիշեալ դաշնակցութենէն այլ դէմքեր։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս նոր նախարարաց խորհուրդին անդրանիկ նիստը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ:
Նախագահ Էրտողան. «Ինչպէս եղած է ցայսօր, պիտի շարունակենք Թուրքիոյ համար աշխատիլ համընդգրկուն մօտեցումով՝ առանց խտրականութեան եւ արդարութենէ շեղելու։ Իւրաքանչիւր նոր սկիզբ կը նշանակէ նոր յոյս մը եւ նոր ոստում մը»:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը գլխաւորէ նոր նախարարաց խորհուրդին նիստը:
Կառավարութիւնը առաջին հերթին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ տնտեսութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ: