ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը համերգով մը հանդէս եկաւ Տիգրան Մանսուրեանի 85-ամեակին առթիւ:
Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ, Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ հնչեցին «Զուգահեռ երգեր»ը, «Քաւարան»ը եւ «Տարուայ եղանակներ»ը:
Ատրպէյճանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ արտահերթ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը։ Սա Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առաջին ընտրութիւնն է երկրին մէջ։
Չաղլայանի Իսթանպուլի Արդարադատութեան պալատի համալիրէն ներս երէկ ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ։ Ժամը 11.46-ին պատահած դէպքը լայն արձագանգ ստեղծեց հանրային կարծիքին մօտ եւ պատճառ դարձաւ խոր մտահոգութեան։
Քաթալին Նովաք. «Հունգարիա կ՚աջակցի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու ամրապնդման»:
Թուրքիա-Իրաք առանցքին վրայ մեծ աշխուժութիւն՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգով:
Թուրքիա այսօր տխուր տարելից մը կ՚ոգեկոչէ։ Տարի մը առաջ պատահած եւ բազմատասնեակ հազարաւոր զոհեր խլած 6 փետրուարէն ի վեր չսպիացած վէրքերը այսօր դարձեալ կը կոտտան։ Տարի մը անց դարձեալ սուգի մթնոլորտ կը տիրէ երկրին մէջ, մինչ բոլորը կ՚ոգեկոչեն զոհերը ու կը ջանան գօտեպնդել աղետէն փրկուածները, որոնց դիմագրաւած ցնցումը անբացատրելի է։
Երեւանի արուարձաններէն Նոր Արէշի 34-րդ փողոցին մէջ երէկ պատահեցաւ սարսափելի պայթում մը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան ռազմավարական բնոյթով հարցեր:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ու իրաւասուները Պրիւքսէլի մէջ շաբաթավերջին անպաշտօն ժողով մը գումարեցին։ Էկմոն պալատէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը։ Սա անպաշտօն ժողովներու 50-ամեակին զուգադիպեցաւ, իբր այդ յոբելենական բնոյթ ունէր։