ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ԲԱՐԵՐԱՐ ՆԱԶԱՐ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Նազար Նազարեան։ Օգոստոսի 28-ին, ան 98 տարեկան հասակին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս եւ թէ համահայկական հարթութեան վրայ։
Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ գնաճի դէմ պայքարը թէեւ որոշ ժամանակի կը կարօտի, սակայն ի վերջոյ համբերութիւնը պիտի արդարանայ։ «Անցումային շրջանի մը մէջ ենք։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ, նաեւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։
Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի Անժէլ Արսլանեան, որու յիշատակին շուրջ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ դատական նոր շրջանի սկիզբին առթիւ։ Վճռաբեկ ատեանէն ներս տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ան կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ նոր սահմանադրութեան մշակման հարցին շուրջ։
Պաշարեալ Արցախը այսօր կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը՝ մարդասիրական աղէտի պայմաններով:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աւարտեց դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութիւնը։ Երէկ, ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ, իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ վարած բանակցութիւններէն վերջ։
Երկարատեւ պաշարման մթնոլորտին մէջ Ֆրանսայի կողմէ առնուած վերջին քայլերուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ եւ ԵՄ կրկնեցին իրենց կոչերը, որպէսզի վերաբացուի Լաչինի միջանցքը:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ շատ շինիչ ու արդիւնաւէտ դեր մը խաղալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։