«ՃԻՇԴ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՎՐԱՅ»

ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Հայաստան կ՚ընթանայ ճիշդ ճանապարհով։

Անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանագծման ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութեան՝ ան յայտնեց, որ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի գիւղերուն վերադարձուիլը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան վերականգնման առանցքային գործօն մը կը նկատուի։

Ատրպէյճանական «Report» լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին մէջ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզ ըսաւ. «Պէտք է նշել, որ Հայաստան գիտակցած է իր իսկ պատասխանատուութիւնը եւ ճիշդ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ։ Սա, առաջին հերթին, դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ այդ երկրի տնտեսութեան վրայ»։

Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են այս յայտարարութիւնները՝ մինչ կը մատնանշուի, որ բարձրաստիճան դիւանագէտը որեւէ մանրամասնութիւն չէ նշած։

Դեսպան Եըլտըզ ընդգծած է, որ Թուրքիա միշտ արդարութեան կողքին եղած է ու այդպէս ալ կը մնայ։

Միւս կողմէ, Անգարայէն այլ դրական արձագանգ մըն ալ հնչեց Երեւան-Պաքու վերջին պայմանաւորուածութիւններուն ու քայլերուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, ԱՔ կուսակցութեան բանբերը՝ Էօմէր Չելիք ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վերջին դրական քայլերը։ Իր խօսքով՝ Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանի վերաբերեալ համաձայնութեան գործընթացի իրադարձութիւններուն։ «Անկախ մեր օրակարգէն, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Ատրպէյճանի վերաբերեալ հարցերուն։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանի հարցերով պատուիրակութիւնները հանդիպած են ութերորդ անգամ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Էօմէր Չելիք դիտել տուաւ, որ սահմանին վրայ տեղադրուած է սահմանաքար՝ թէեւ խորհրդանշական։ «Մենք կ՚ողջունենք ներդրումը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ամրապնդման եւ Ատրպէյճանի վրայ յարձակումներէ հրաժարելու գործին մէջ», եզրափակեց Էօմէր Չելիք։

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024