ՍԵՐԿԷՅ ՍՄԲԱՏԵԱՆ՝ ՊԵՐԼԻՆԻ ՍԵՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՐ ԽՄԲԱՎԱՐԸ
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան նշանակուեցաւ Պերլինի սեմֆոնիք նուագախումբի գլխաւոր հիւր վարիչը։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է այս նշանակումը։
ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ զօրքերը դարձեալ թիրախաւորեցին՝ Իրանի կողմէ հովանաւորուած հուսիները:
Հայաստանի Պաշտպնութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ երկիրը որեւէ երկրի դէմ չունի որեւէ նկրտում։
Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ նախագահեց ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին:
Միացեալ Նահանգներու զօրքերը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թիրախաւորեցին Իրանի մերձակայ խմբաւորումները:
Մինչ կառավարութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ երկրի ելմտատնտեսական հաւասարակշռութիւնները կայունացնելու՝ մասնաւորապէս սղաճի եւ տարադրամի փոխարժէքի յաւելումը զսպելու ուղղութեամբ, երէկ Կեդրոնական դրամատան ղեկավարի պաշտօնին մէջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ։
«Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի յարաբերութիւններուն 95-97 տոկոսը Ռուսաստանի հետ էր, հիմա չի կրնար ըլլալ անցեալին նման»:
Թուրքիա այս շրջանին միջազգային գետնի վրայ հանդէս կու գայ նուրբ իրավիճակի մէջ նուրբ շփումներով:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս երէկ տեղի ունեցան հերթական բանակցութիւնները։ Սահմանազատման յանձնաժողովներու 6-րդ հանդիպումն էր այս մէկը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ Թուրքիա շատ աւելի շինիչ դեր մը կրնայ խաղալ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։