ԿԱՍԵՑՆԵԼ ԱՌԿԱՅ ԱՂԷՏԸ
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» ընդդիմադիր շարժումը կը ջանայ Հայաստանի մէջ յառաջ տանիլ իր գործունէութիւնը՝ ազդեցութեան նոր լծակներ ձեռք բերելով։ Ընդդիմադիր շարժման գլուխը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան նախընթաց օր յայտարարեց. «Սա մեզի համար ազգային ազատագրական պայքար է՝ այսպէս կոչուած իշխանութիւններէն ազատագրուելու»։
Երեւանի լուսանկարչական առաջին փառատօնը. եզակի դրուագներու հետաքրքրական տողանցք:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ ամերիկեան «Նեթֆլիքս» ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ յուշագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Նեթֆլիքս» կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ նկարահանել քանի մը ֆիլմաշար։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիա եւ Անգլիա. Եւրոպայի երկու ծայրամասերու ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներ: Նախարարներու ժամադրութիւն:
Անմահ արուեստագէտ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Հարկ է պատշաճը հատուցել այն ջանքերուն, ինչ որ արդէն վեցերորդ ամիսն է՝ Հայաստանի լաւ ապագային համար կը գործէ «Տաւուշը՝ յանուն Հայաստանի» շարժման առաջնորդը: Բագրատ սրբազանի մասին տեսակէտները կրնան տարբեր ըլլալ՝ ծայրայեղ դրականէն մինչեւ ծայրայեղ բացասական՝ նոյնիսկ կծու վիրաւորանքով լի պիտակաւորումներ, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ան հայաստանեան նիրհուն քաղաքական դաշտ բերաւ ո՛չ միայն գարնանային շունչ ու թարմութիւն, այլեւ` ինքնավստահութիւն, հոգեւոր լիցքեր եւ պայքարի ոգի:
Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ կը կատարէ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը ներկայացնելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նոյն նպատակով յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Թուրքիայէն լրագրողներու այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Հայաստան։
29 Հոկտեմբերը այս տարի եւս մեծ համախմբում ապահովեց Հանրապետութեան հիմնարար արժէքներուն շուրջ: