ԻՎԱՆԻՇՎԻԼԻ ԼԱՒԱՏԵՍ
Վրաստանը, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացած է, այդ առումով խանդավառ շրջանէ մը կ՚անցնի եւ հեռանկարային հաշուարկներով հանդէս կու գայ։ Երկրի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, որու հիմնադիր ու պատուոյ նախագահ Պիծինա Իվանիշվիլին համոզուած է, թէ Վրաստան 2030 թուականին պիտի անդամակցի Եւրոմիութեան։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներու գործնական փուլ թեւակոխման զուգահեռ՝ Ուաշինկթըն ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը հիմք օգտագործելու յանձնառութիւնը։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան շրջանակէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման էլ Թանիի հետ։
Իրանի եւ Հնդկաստանի միջեւ կը զարգանայ պաշտպանական ու ռազմական համագործակցութիւնը:
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Աղտամի մէջ գործած Ռուսաստան-Թուրքիա մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնը փակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ 30 յունուար 2021 թուականին բացուած կեդրոնը այլեւս գոյութիւն չունի։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի մէջ ներքին խռովութիւններ եւ բռնութիւններ կը ծագին Ատրպէյճանի հետ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է Ուքրայնայի դէմ պատերազմի մէջ Չինաստանի կողմէ Ռուսաստանին տրամադրուած օգնութեան պատճառով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ յառաջիկայ մայիսի 9-ին նախատեսուած հանդիպումը յետաձգուեցաւ։ Այսպէսով, նախագահ Էրտողան պիտի չմեկնի Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունուէր Պայտընի կողմէ։
«COP-29 եւ Ատրպէյճանի համար կանաչ տեսլական» խորագրեալ ֆորում մը տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ: