ՄԱՅԻՍԻ 10-ԻՆ ԱԼՄԱԹԻ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ալմաթիի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մայիսի 10-ին։ Երկու նախարարներու այս հանդիպման միջոցէ մը ի վեր կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։
Թուրքիա եւ Իրան իսլամական աշխարհի առաջնահերթութիւն կը համարեն Կազզէի պատերազմը:
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ներկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա, որու ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Ֆրանսան, Սերպիան եւ Հունգարիան։ Ան հինգ տարի վերջ Եւրոպայի մէջ կ՚ունենայ շփումներ, որոնց ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ առաջին տիկինը:
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը փափաքի իր սահմանապահները տեղակայել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ»։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը շաբաթավերջին արձագանգ հանդիսացաւ «Indian Defense Research Wing»ի հաղորդումներուն։ Այսպէս, Հնդկաստանի կողմէ վերջերս Հայաստանին տրամադրուած ATAGS հրետանային համակարգերը արդիականացուած ու կատարելագործուած են՝ «Bharat Forge»ի կողմէ։
Մարզական աշխարհին ուշադրութիւնը երէկ երեկոյեան կեդրոնացած էր ֆութսալի Եւրոպայի լիկի ախոյեաներու եզրափակիչին վրայ, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը՝ Սպանիայէն «Պարսելոնա»ի եւ «Փալմա»ի միջեւ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի արդիականացման աշխատանքները, որոնք որոշ ժամանակէ մը ի վեր ընթացքի մէջ էին, արդէն հասած են իրենց աւարտին։
Երէկ, Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Հայաստանի մէջ պարգեւատրուեցաւ յայտնի լրագրող Հեղինէ Բունիաթեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավարն է։
Արեւմուտքը կը ջանայ Ռուսաստանի դէմ պատերազմի մթնոլորտին մէջ առանձին չթողուլ Ուքրայնան: