ԵՐԿԻՐ ՄՈԼՈՐԱԿԻ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿԵԼԻ ՀՈՂԵՐՈՒ ՎԻՃԱԿԸ ՈՒՂԻՂ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՄԱԿ-ի կլիմայի գագաթաժողովը աւարտին հասնելու վրայ է։ COP28-ի աշխատանքները յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի եզրափակուին։ Մինչ այդ, Տուպայի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքոյթին առթիւ օրերէ ի վեր դարձեալ ահազանգ կը հնչէ՝ երկրագունդի հրատապ օրակարգին կապակցութեամբ։