«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՆ «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ»
Հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ աշխուժօրէն կ՚աշխատի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ երկու երկիրները աշխուժօրէն կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն վերջ կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին գտնուած է։
Պաքուի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները միշտ արծարծուած կը պահեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը Պաքուի կողմէ կը համարուի բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Աննալենա Պերպոք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի վիճակին շուրջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կ՚այցելէ Հնդկաստան. պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Կը տեղեկանանք, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը այս շաբաթավերջին կը կազմակերպէ միօրեայ ասուլիս մը։ «Պատմութեան գիւտը վերստին. արխիւներ, յիշողութիւն եւ քաղաքականութիւն» խորագրեալ այս փանելը նախատեսուած է երկու նիստի ձեւաչափով։
Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ս. Աթոռի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետին հետ:
Պրազիլիոյ նախագահ Լուիզ Ինասիօ Լուլա տա Սիլվայի հիւրընկալմամբ, Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ այսօր կ՚եզրափակուի, դարձաւ մեծ հարթակ մը, ուր միջազգային յառաջատար դերակատարներու մասնակցութեամբ քննարկուեցան համաշխարհային թէժ օրակարգի խնդիրները։
Պրազիլիոյ հիւրընկալմամբ, Ռիոյի մէջ ընթացքի մէջ է Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ կազմակերպուած է՝ «Արդար աշխարհ մը եւ տեւական մոլորակ մը» նիւթով։ Երկօրեայ գագաթաժողովը կը համախմբէ Մեծն քսանեակի անդամ 19 երկիրներու եւ Եւրոմիութեան ղեկավարները։