ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, երէկ, Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, երէկ, Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն երէկ դարձեալ անհանգստացուցիչ լուրեր հասան։ Ատրպէյճանի բանակի դիպուկահարին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով՝ սահմանի Վայոց Ձորի մարզի հատուածին մէջ նահատակուեցաւ Հայաստանի բանակէն Կերասիմ Առաքելեան։
Իսրայէլ չի թաքցներ, որ լուրջ տարակարծութիւններ ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ:
Կազզէի պատերազմը վերսկսաւ, նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ջանքերը մշտական հրադադարի հետամուտ:
Մարմարա ծովուն մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցան երկու իրերայաջորդ երկրաշարժներ, որոնց պատճառած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Իսթանպուլէն։ Երկրաշարժներէն մէկուն էփիկեդրոնը կը գտնուէր Կեմլիքի ծոցին, իսկ միւսինը՝ Մուտանիայի մերձակայքին։
Հայաստանի կողմէ արտադրուած առաջին արբանեակը՝ «Հայասաթ-1»ը, որ շաբաթավերջին արձակուած էր, արդէն մտած է իր ուղեծիրը։ Երեւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ արբանեակին հետ յաջողութեամբ կապ հաստատուած է եւ ան սկսած է ուղարկել իր առաջին ազդանշանները։
Հայաստանի եւ Եգիպտոսի նախագահները Տուպայի մէջ տեսակցեցան COP28 գագաթաժողովի ծիրէն ներս:
Խաչատուրեան եւ Էլ Սիսի անդրադարձան Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն:
Հայաստանի կողմէ տիեզերք արձակուեցաւ առաջին հայրենական արբանեակը, որ կը կոչուի «Հայասաթ-1»։ SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռով տիեզերք արձակուեցաւ արբանեակը եւ հեռարձակման սկիզբը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ։ Արբանեակը արտադրած են հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանն ու Գիտական նորարարութեան ու կրթութեան կեդրոնը (CSIE)։
Յառաջիկայ տարուան առաջին եռամսեակին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները այժմէն սկսած են պայմանաւորել Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։
ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան շրջագծային համաձայնագրին կողմ երկիրներու խորհրդաժողովը:
Նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա կը նախատեսէ 2053 թուականի դրութեամբ կեանքի կոչել 0 արտանետումի նպատակը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Սքոփէի մէջ, ԵԱՀԿ-ի նախարարական հաւաքի ծիրէն ներս։