ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը:
Դիլիջանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուն խորհրդակցութիւն՝ Երեւանի որդեգրած առաջնահերթութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՀԲԸՄ-ի նախագահը նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին:
Իրան բանակցութիւնները պիտի շարունակէ՝ իր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացման համար:
Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ ակնկալուած բնականոնացման գործընթացին թափը դարձեալ իջած է։ Թուրքիա եւ Սուրիա բաւական կը դժուարանան հարթելու համար իրենց խնդիրները։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա սպասուած զրոյց մըն էր՝ քանի Փութին քանի մը օր առաջ Պաքուի մէջ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ծաւալած քննարկումներէն տեղեակ պիտի պահէր Փաշինեանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաղչիի հետ։ Հարկ է նշել, որ Իրանի խորհրդարանը վերջերս վաւերացուցած է՝ նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի գլխաւորած կառավարութեան կազմը, որու մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուած է Արաղչիին։
Երեւանի Օփերան կը պատրաստուի բանալ նոր եղանակը։ Օգոստոսի 29-ին պիտի սկսի նոր՝ 92-րդ թատերաշրջանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, առաջնախաղը ձօնուած պիտի ըլլայ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի 155-ամեակին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ