ՏՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի առցանց լսարանին, որ 80-րդ էր իր նմաններու շարքին։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի առցանց լսարանին, որ 80-րդ էր իր նմաններու շարքին։
Թարգմանիչներու միջազգային օրուան առթիւ նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած՝ «Թարգմանիչներ՝ վստահելի ձայներ յարափոփոխ աշխարհի մէջ» խորագրեալ ասուլիսը առիթ դարձաւ այս ոլորտի կարեւորութեան, դերակատարութեան, զարգացման հեռանկարներու եւ այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու քննարկման։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարա-Երեւան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասնիլն ու իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունենալը քանի մը ուշագրաւ ուղղութիւն կը փոխանցէ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Ատրպէյճան-Նախիջեւան անխափան կապին ուղղեալ հաղորդակցութեան ուղին մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ վերջնական խաղաղութեան համար:
Թուրք օդային ընկերութիւնը (THY) որոշած է թռիչքներ հաստատել Երեւանի եւ Իսթանպուլի միջեւ։ Ընկերութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ թռիչքները կանոնաւոր բնոյթ պիտի ունենան։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, կողմերու միջեւ շփումները կը խտանան բոլոր ուղղութիւններով։ Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Կէօքթաշ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին։ «Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներու ապագան կը պատկերացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», ըսաւ ան Սթրազպուրկի մէջ։
Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Եւրոպական Միութեան տեսակէտէ:
Եւրոպայի հետ համարկման ճանապարհին Հայաստան դէմ է դիւանակալութեան գերակայման՝ քաղաքականութեան վրայ:
Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ երէկ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, ան Պէյօղլուի շրջանի փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու, զանազան միութիւններու կամ մարզակումբներու վարչայիններուն հետ մէկտեղուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ, ուր ներկայ էր նաեւ իր կողակիցը։
Սպիտակ տան երդիքին տակ Տանըլտ Թրամփ-Պենիամին Նեթանիյահու զրոյցը տեւեց շուրջ երեք ժամ:
Իսրայէլ հաւանութիւն տուաւ Միացեալ Նահանգներու առաջարկին, Թուրքիա պատրաստակամ գործընթացին նպաստելու համար: