ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՎԵՐՋՆԱԳՐԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի ռուսական ռազմակայանը կենսական նշանակութիւն չունի։ 

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, վարչապետ Փաշինեան  պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի Կիւմրի քաղաքէն ներս տեղակայուած Ռուսաստանի ռազմախարիսխին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին այս ռազմախարիսխի Հայաստանէ դուրս բերուելու մասին յաճախ կը խօսուի՝ մանաւանդ, որ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ տարակարծութիւններ կուտակուած են երկար ժամանակէ ի վեր։ Վերջին անգամ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, որ եթէ այդ ռազմախարիսխը Հայաստանին համար պէտք չէ, ապա իրենք պատրաստ են վաղն իսկ դուրս բերել այդ մէկը։ Փութին այդ յայտարարութիւնը ըրած էր Պիշքէքի մէջ, ուր տեսակցած էր Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ 

Խորհրդարանի ամպիոնէն, հարցումը մը պատասխանելու ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ այս նիւթին։ «2018 թուականէն ի վեր կը շփուիմ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։ Երբեք եւ որեւէ անգամ Հայաստանէն ռուսական ռազմախարիսխը դուրս բերելու հարց չեմ բարձրացուցած։ Ընդհանրապէս, Հայաստանի ոեւէ ներկայացուցիչ, որեւէ անգամ այդպիսի հարց չէ բարձրացուցած», ըսաւ Փաշինեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը յիշեցուց, որ Փութինի կողմէ Պիշքէքի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը տեսած է զարմանքով։ «Երբ Պիշքէ-քէն վերադարձայ Երեւան, յաջորդ օրը տեսայ, որ Ռուսաստանի նախագահը յայտարարած է, որ եթէ Հայաստան կ՚ուզէ, որպէսզի ռազմախարիսխը դուրս բերենք, մենք դուրս կը բերենք», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ աւելի վերջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ինք արձագանգած է Փութինի յայտարարութեան՝ վերահաստատելով, որ հայկական կողմը ռազ-մախարիսխի դուրս բերման հարց չէ բարձրացուցած։ 

«Բայց եթէ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը որոշէ, որ դուրս բերէ ռազմախարիսխը, Հայաստան չ՚առարկեր, որովհետեւ ռազմախարիսխի ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չունի կենսական նշանակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Իսկ եթէ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը կ՚ուզէ պահպանել ռազմախարիսխը, ապա մենք պատրաստ ենք այդ բանը քննարկելու։ Սա է ամբողջ պատմութիւնը եւ յայտարարութիւնը՝ ոչինչ աւելի եւ ոչինչ պակաս», եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան։ 

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ հովանաւորել Հայաստանի Եւրոպայի հետ համարկումը եւ վճարել այդ նպատակին համար։ 

Հարկ է նշել, որ յառաջիկային նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ հանդիպում մը։ Այդ հաւանական տեսակցութեան ընդառաջ, ուշագրաւ է, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ վերջնագրերու փոխանակումը կը շարունակուի։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2026