ԱՐԴԻ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Եմէնի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններու նոր մագլցումը ենթադրել կու տայ, որ Իրանի ճակատը երկրորդ գիծ մղուած է Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ: Այսօր Եմէնի հետ համեմատած արդէն Կազզէն, Լիբանանն ու նոյնիսկ Իրանը կը նկատուին՝ եթէ ոչ անպայման սառեցուած, ապա աւելի մեղմ բախման կէտեր:
Երէկ, Թուրքիոյ Ելեկտրահաղորդման ընկերութեան (TEİAŞ) ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Փուսթուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանի կողմէ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիկոսիոյ մէջ 89 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է՝ հայ սփիւռքի ամենահեղինակաւոր անուններէն, երէց սերունդի անմոռանալի գործիչ Պենոն Սեւան։
Երեւան-Թեհրան առանցքին վրայ բարձր մակարդակի կարեւոր քննարկումներ կը ծաւալուին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ռայլի Պառնս վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ:
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Գերմանիա յաւելեալ մէկ միլիառ եւրօ օժանդակութիւն պիտի յատկացնէ Ուքրայնայի համար:
Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան վերադաս խորհուրդի փոխ-նախագահ Տենիզ Կիւլէր եւ Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան Սոֆիայի մէջ։
Ատրպէյճանի բանակի զինուորներէն Նասիմի Ռահիմօղլու Մուսայեւ կալանաւորուեցաւ երկու ամիս ժամկէտով։ Ան նախընթաց օր ապօրինի կերպով հատած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը եւ Սիւնիքի մարզէն ներս սահմանամերձ գիւղի մը մէջ վիրաւորած էր կին մը եւ իր երկու զաւակները։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ժամը՝ 14.15-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ մուտք գործած է Ատրպէյճանի զինծառայողներէն մին։ Այս վերջինը կրակած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի 39-ամեայ կնոջ մը վրայ՝ ներկայութեամբ իր երեք զաւակներուն։