ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդները հիւրընկալուեցան Սպիտակ տան մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Սպիտակ տան Հաւատի գրասենեակի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որ կը նկատուի պատմական։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս առթիւ մէկտեղուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպսկ. Պարսամեանի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Անթիլիասական թեմերեու առաջնորդներուն՝ Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան) եւ Տ. Գեղամ եպսկ. Խաչերեանի (Արեւմտեան), ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ։ Բնականաբար, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան Հաւատի գրասենեակի ղեկավար Փոլա Ուայթ Քէյնի եւ նոյն գրասենեակի տնօրէնուհի Ճենիֆըր Քոռնի ներկայ գտնուեցան հանդիպման։ Հարկ է նշել, որ Փոլա Ուայթ Քէյնի նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկարամեայ հոգեւոր հովիւն է։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու, երկու ժողովուրդներու միջեւ քրիստոնէական-քաղաքակրթական կապերու, կրօնական ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերու շուրջ։
Կարեւորուեցաւ խաղաղութեան հաստատման եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու նշանակութիւնը այս գործին մէջ։
Հայ հոգեւոր առաջնորդները հաւաքական աղօթք հնչեցուցին եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեցին Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդներու բարօրութեան եւ ապագայի, երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան համար։ Հոգեւոր առաջնորդները իրենց աղօթքին մէջ անդրադարձան նաեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն՝ ընդգծելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներդրումը Հայաստանէ ներս հաստատուած խաղաղութեան գործընթացէն ներս։