«ՄԵՐ ՁԵՒՈՎ» ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Արցախի անկախութեան օրուան նշումին առթիւ կարեւոր հարցադրում է, թէ արդեօք փակուա՞ծ է Արցախի էջը կամ ոչ։ Յստակ է Հայաստանի կառավարութեան ռազմավարութիւնը՝ չբարձրացնել Արցախի խնդիրը, նախապատուութիւնը տալ խաղաղութեան դաշինքի ստորագրման։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս նախարարները կը գտնուէին Նիւ Եորքի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ իրենց հերթական հանդիպումը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Պաղեստինի դատը այլեւս դարձած է աշխարհի սեփականութիւնը։
Գեղարուեստական եւ մշակութային աշխարհի ուշադրութիւնը այս օրերուն կեդրոնացած է Երեւանի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս բացուած «Սրբազան երկխօսութիւն. Լուվրէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարան» խորագրեալ միջազգային ցուցադրութիւնը առաջին իսկ քայլափոխին արձանագրած է մեծ յաջողութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 34-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի այլ քաղաքներուն մէջ 21 Սեպտեմբերի առթիւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։
21 Սեպտեմբերի առթիւ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ համերգ մը, որու զուգահեռ կատարուեցաւ բացառիկ հրավառութիւն։
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը, որ եկաւ բնորոշել Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-րդ համերգաշրջանի սկիզբը։ Յոբելենական այս փուլին զուգադիպեցաւ նաեւ Երեւանի 17-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի մեկնարկը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ