ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Կեպելէի մէջ. «Մեր տարածաշրջանի մեծագոյն սպառնալիքը Իսրայէլն է»:
Անգարա կ՚ակնկալէ, որ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը համատեղ դիրքորոշում որդեգրէ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ: Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կ՚առաջարկէ կազմակերպել միասնական զօրավարժութիւններ՝ միշտ հետամուտ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խօսոյթին:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ծննդեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորեց Վլատիմիր Փութինը, որուն յղեց բարեմաղթանքներ։
Քոչարեան մամլոյ ասուլիսով մը մեկնաբանեց Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական հարցերը:
Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական մեծ տօնակատարութիւններուն վերջնական ժամանակացոյցը երէկ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր երեկոյեան հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ։ Այս իրադարձութիւնը կը համընկնի՝ երկրէն ներս յառաջացած կառավարական տագնապով պայմանաւորուած իրադրութեան հետ։
Սուրիոյ ներքին կայունութեան վերահաստատման ճանապարհին արձանագրուած վերիվայրումները միշտ կը յառաջացնեն մտահոգութիւն եւ օրակարգի վրայ կը զբաղեցնեն առաջանահերթութիւն։
Հայկական մարմնամարզական աշխարհը վերջին օրերուն հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ Երեւանի մարաթոնին։ Աշնան բարենպաստ եղանակի պայմաններուն ներքեւ կեանքի կոչուեցաւ այս մարզական ծրագիրը, որ արժանացաւ համատարած ուշադրութեան։
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս շարունակուեցաւ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու՝ Պալեան բարեյիշատակ գերդաստանի անդամներու ոգեկոչման աւանդութիւնը։
Ֆրանսայի մէջ ներքին քաղաքական տագնապ մը կը խորանայ։ Այսպէս, վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւ հրաժարեցաւ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ նշանակուելէ ընդամէնը երեք շաբաթ վերջ։
«Ուաշինկթընի համաձայնագիրը պարզ թուղթ մը չէ, կայ զայն կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւն»: