Լրահոս

ՓԵՆԹԱԿՈՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ԻՇԻՊ-Ի ՀԱՄԱՐ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի գծով ՄԱԿ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա յայտ­նեց, թէ այս հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յե­տաձ­գուած են Մար­տի 15-ին։ Ծա­նօթ է, որ Սու­րիոյ չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պի­տի մէկ­տե­ղուին Ժը­նե­ւի մէջ, մինչ Սու­րիա­յէն ներս կը շա­րու­նա­կուի յա­րա­բե­րա­կան հրա­դա­դա­րը։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա, ուր հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Փու­թին կը քննար­կեն ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր այս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ 28+1 ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ե­րէկ, Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հիւ­սի­սատ­լան­տեան խոր­հուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի հան­դի­պու­մը։ 28+1 ձե­ւա­չա­փին մէջ այս առ­թիւ քննար­կուե­ցան կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թացքն ու հե­ռան­կար­նե­րը։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԿԼՈՊԱԼ ՖՈՐՈՒՄ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի տան­տի­րու­թեամբ այ­սօր կը սկսի Պա­քուի կլո­պալ ֆո­րու­մը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի չոր­րորդ ան­գամ։ Ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն աշ­խար­հի եօթ եր­կիր­նե­րէ նա­խա­գահ­ներ, 27 նախ­կին նա­խա­գահ­ներ, 23 նախ­կին վար­չա­պետ­ներ, եւ այլք։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԵԹՐՈՆ ԿԸ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի մեթ­րոն, որ ձօ­նուած է Կա­րէն Տե­միր­ճեա­նի ա­նուան։ Քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի եւ մեթ­րո­յի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ ան ճամ­բոր­դեց «Բաղ­րա­մեան» կա­յա­րա­նէն մին­չեւ «Զօ­րա­վար Անդ­րա­նիկ» կա­յա­րա­նը։

ԻԶՄԻՐԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի վարչապետները շօշափեցին երկկողմանի համատեղ օրակարգի հարցերը, որոնք հրատապ են նաեւ միջազգային առումով:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Ալեքսիս Ցիփրաս առաջնահերթօրէն կանգ առին դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքի կասեցման եւ Եգէականի վերահսկման վրայ:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ»

Վաղը, Ռու­սաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի բա­ցուի «Հա­յաս­տան. լի­նե­լու­թեան ա­ռաս­պել­ներ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ա­ւե­լի քան 160 ցու­ցան­մոյշ՝ Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նէն, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի թան-­գա­րան­նե­րէն եւ Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նէն։

ԺԱՌԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԸ

Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան 34-րդ թա­գա­ւո­րին՝ Սուլ­թան Ապ­տիւլ­հա­մի­տի շա­ռա­ւիղ­նե­րը որ­պէս ժա­ռանգ ի­րա­ւա­կան պայ­քար կը մղեն՝ ի­րենց մեծ­հօր­մէ ժա­ռան­գուած կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան վերս­տին տի­րա­նա­լու հա­մար։

Էջեր