«ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԵՒ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԱՆՁՐԵՒ». ՉԻՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի համալիրէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ յոբելենական փայլուն հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Այս առթիւ նախարարը անդրադարձաւ Երեւան-Փեքին 25-ամեայ համագործակցութեան ձեռքբերումներուն։
Երեկոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ հայ հանդիսատեսներուն տեսակէտէ առիթ մըն էր չինական մշակոյթին ծանօթանալը։ Այսպէս, Չինաստանի Կանսեու նահանգի երգի-պարի համոյթը ներկայացուց «Մետաքսի ճանապարհ եւ ծաղիկներու անձրեւ»ը։ Չինացի արուեստագէտներու կատարումները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին հայ հանդիսատեսներուն մօտ։