ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս կազմակերպեց ամառնային աշխատանոց մը՝ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ջանքերուն շրջագծով։ Անցեալ շաբթուան տեւողութեան տեղի ունեցաւ 2016-ի այս աշխատանոցը, որուն մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլէն կրթական մշակներ։
Արցախի մէջ երէկուան դրութեամբ սկսան ռազմափորձեր։ Մինչ ճակատին վրայ դէպքերը կը շարունակուին, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ուժերը բազմաստիճան հրամանատարական զօրավարժութիւններու ձեռնարկած են։
Պերլինի մէջ (Գերմանիա), գտնուող «Մաքս Շմելինկ» մարզահամալիրէն ներս, 16 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ նորվեկացի Թիմ-Ռոպին Լիհաուկի ճակատումը:
Յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ պետական գրեթէ բոլոր օղակներէն ներս լայնածաւալ գործողութիւններ սկսան՝ հերձատիրական խումբի բացայայտման նպատակով:
Հայաստանի Ոստիկանութեան բաժանմունքներէն մին երէկ բռնագրաւուեցաւ խումբ մը զինեալներու կողմէ:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կոմիտէն աւարտեց 40-րդ նստա-շըրջանը, որ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Շաբաթավերջին, այս նստաշրջանին շրջագծով, ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր՝ Անիի աւերակները ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ։
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի 2015-2016 ուսումնական շրջանի ընթացաւարտները նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։
Պատմական ու մղձաւանջային գիշերէ մը վերջ, Թուրքիա այսօրուան այգաբացը դիմաւորեց անշրջադարձելիօրէն վերահաստատուած ազգային կամքի ամուր դրսեւումով։
Ֆրանսայի Ազգային տօնին օրը երկրի հարաւին ապրուեցաւ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը. 84 զոհ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր։