FORBES-Ի ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ ՉՈՐՍ ՀԱՅ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ
Ամերիկեան Forbes հանդէսը այս տարի եւս հրապարակեց աշխարհի միլիառատէրներու ցուցակը։ Արդէն 30-րդ անգամ կը հրապարակուի այս ցանկը, իբր այդ կը համարուի յոբելենական։
Ամերիկեան Forbes հանդէսը այս տարի եւս հրապարակեց աշխարհի միլիառատէրներու ցուցակը։ Արդէն 30-րդ անգամ կը հրապարակուի այս ցանկը, իբր այդ կը համարուի յոբելենական։
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Լրագրողներու տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ ու խմբագիր Յարութ Սասունեանի։
ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարը շփումներ կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասէ ներս:
Ֆետերիքա Մոկերինի այսօր Երեւան հասնելէ առաջ, երէկ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մասնակցեցաւ Հարաւային կազի միջանցքի խորհրդակցական խորհուրդի նախարարաց մակարդակով կազմակերպուած ժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Ուժանիւթի նախարար Ալպայրաք:
Արհեստի եւ գեղարուեստական աշխարհէ ներս միշտ կը փայլի Սեւան Պըչաքճըի աստղը։ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Սեւան Պըչաքճըի անունը հերթական անգամ օրակարգի վրայ գայ՝ աներեւակայելիօրէն հետաքրքրական եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնով մը։
Ժընեւի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Սուրիոյ հրադադարը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ հրադադարի դրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի Սուրիոյ մէջ, հակառակ տեղի ունեցած շարք մը դէպքերուն։
Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիոյ «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յարգանքի տուրք մատուցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմնադիր հանգուցեալ Քըրք Գըրգորեանի եւ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անցեալ տարի հեռացան կեանքէն:
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս կը շարունակուին փոփոխութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերով Նախարարաց խորհուրդին մէջ նոր դէմք մը ընդգրկուեցաւ։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոպա գաղթականներու առկայ հարցը կրնայ յաղթահարել Թուրքիոյ հետ համագործակցութեամբ։ Գարնանամուտին Եւրոպա հասնելու փափաքով գաղթականներու հոսքը թափ առած է դէպի Թուրքիոյ Եգէականի ափերը։