ՆԻՍԻ ԴԷՊՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Նիսի մէջ Յուլիսի 14-ին պատահած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Ֆրանսայի դատական մարմինները պատրաստեցին իրենց մեղադրականը։ Փարիզի դատախազութիւնը երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչութեան յատկանիշներով ամբաստանագրեր հասցէագրեց հինգ անձերու համար։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը եւ կառավարութիւնը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երկարատեւ ժողովներ գումարեցին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ: Որոշումները այսօր կը յանձնուին նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հաւանութեան:
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւններուն միջեւ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Քերի յայտնեց, որ Փութինի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են ղարաբաղեան հարցին:
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պէշթէփէի պալատէն ներս ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալներուն շարժումը կը շարունակէ բնորոշել հրատապ օրակարգը:
Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ, Յուլիսի 16-ին, կայացաւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն անուանակոչման արարողութիւնը: Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանի անունով: