Լրահոս
ՏԱՆՖՈՐՏ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականը Թուրքիա ժամանելէ առաջ տեսակցեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։
Հայաստանի Մէջ Ծնած է 18.4 Հազար երախայ
Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան «Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը 2016 թուականի Յունուար-Յունիսին» տուեալներուն, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին երկրին մէջ ծնած է 18 հազար 439 երախայ, իսկ մահացած է 14 հազար 306 հոգի, բնական յաւելաճը կազմած է 2.7 տոկոս:
ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՐԴ ՈԴԻՍԱԿԱՆ
Երեւանի մէջ ծագած դէպքերուն վրայէն վաղը երկու շաբաթ անցած պիտի ըլլայ։ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին օրակարգը կը բնորոշուի մտահոգիչ իրադարձութիւններով։ Երեւանի Խորենացի փողոցին եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ կեդրոնացած է հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։
ԷՐՏՈՂԱՆ ԴԱՏԵՐԸ ԵՏ ՔԱՇԵՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ մէկ անգամուան համար ետ կը քաշէ այն բոլոր դատերը, որոնք բացած է իրեն դէմ կատարուած անարգանքներուն համար։
ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Հաքքեարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ երէկ անջատողական ահաբեկչութեան ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամները յարձակեցան անվտանգութեան ուժերուն վրայ, որոնք կը վերահսկէին ճանապարհը։
ԶՕՐԱՎԱՐ ՏԱՆՖՈՐՏԻ ԱՅՑԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Տանֆորտ վաղը շփումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։
Ս. ԹԱԴԷԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Նախաձեռնութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Ազգային վարչութեան, 62-րդ տարին ըլլալով, Յուլիսի 14-16 թուականներուն տեղի ունեցաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արտազի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը՝ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի:
ՈՍԿԻ ՄԵՏԱՅԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
«Ռիօ-2016»ի ողիմպիական խաղերուն մեկնելէ առաջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան խօսեցաւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընելիքներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին:
