ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5-6 Դեկտեմբեր թուականներուն եւ ան պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած են Պինալի Եըլտըրըմի հանդիպումները՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր առաջին էջին վրայ մեծադիր հաղորդումով մը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն նիւթին վրայ, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կ՚ընդլայնի զգալի ձեւով եւ Թուրքիոյ անմիջական հարեւանութեամբ զանազան երկիրներ կը մտնեն Մոսկուայի ազդեցութեան տակ։
Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ: