ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԸ ԵՐԷԿ ԱՆՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԷՆ

Երէկ, Հայաստանի Պարի պետական համոյթը անցաւ Իսթանպուլէն: Սա տարանցիկ կեցութիւն մըն էր, սակայն, համայնքային շրջանակներէն ներս վերածուեցաւ կարեւոր իրադարձութեան մը: Այսպէս, Հայաստանի Պարի պետական համոյթը անցեալ շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ: Վերադարձին խումբը անցաւ Իսթանպուլէն: 

Էսաեան Սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի ընտանիքը Վառնայէն Երեւան վերադարձի ճանապարհին քաղաքիս մէջ հիւրընկալեց  Հայաստանի Պարի պետական համոյթի 48 հոգիէ բաղկացեալ կազմը՝ գլխաւորութեամբ Արմէն Սարգսեանի: «Մարալ»ի ընտանիքը Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Պարի պետական համոյթը: Երկու խումբերուն միջեւ արդէն գոյութիւն ունի համագործակցութիւն մը: Այդ հիման վրայ քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան: Հայաստանի Պարի պետական համոյթը երէկ կէսգիշերին Իսթանպուլէն ուղիղ թռիչքով վերադարձաւ Հայաստան:    

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2026