ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐ
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնի հիւրընկալմամբ ընթրիքի սեղան:
Ֆրանսական պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած իֆթարը համախմբեց քաղաքիս կրօնական առաջնորդները:
Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնի հիւրընկալմամբ ընթրիքի սեղան:
Ֆրանսական պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած իֆթարը համախմբեց քաղաքիս կրօնական առաջնորդները:
Էսաեան վարժարանի պատասխանատուները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյին։ Այս վերջինը նշանակումէն վերջ մօտաւոր անցեալին դպրոց այցելած էր եւ երէկ ալ Էսաեանի պատասխանատուները փոխադարձած եղան այդ քայլին։
Պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան երէկ պատուաբեր պարգեւի մը արժանացաւ։ Իսթանպուլի բժիշկներու սենեակին կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ՝ իր բժշկական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։
Գարակէօզեան տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային մտախաղերու մրցոյթը, որ 13-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Դպրոցի համալիրէն ներս «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Թուրք ուղեղի խումբին հետ համագործութեամբ։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Համայնքային շրջանակները մատուցին իրենց վերջին յարգանքը ողբ. Միհրան Ուլիկեանի նկատմամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Բուն բարեկենդանի առթիւ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան մեկնեցաւ Էլազըղ: Հովուական ուղեւորութեան ընթացքին տէր հօր կ՚ընկերանար Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ ուրարակիր դպիր Թապաշեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն Սագօ Արեանին։ Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրը այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր գիտական ձեռնարկ մը կազմակերպեց՝ ի ոգեկոչումն թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի բարեյիշատակ տնօրէնուհի ողբացեալ Թալին Մաթոսօղլուի։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնին կողմէ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էին զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ առաւօտ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի հեղինակաւոր դէմքերէն, վաստակաշատ ու երախտաշատ ազգային գործիչ Միհրան Ուլիկեան։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է համայնքային շրջանակներէն ներս ու պատճառ դարձած համատարած ցաւի, հաշուի առնելով, որ Միհրան Ուլիկեան ուրոյն հետք մը ունէր թրքակայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց վրայ։