ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գանատայէն եւ Ռուսաստանէն երկու հայ գիտնականներ, որոնց ճամբան այս շրջանին ծրագրի մը համար խաչաձեւուած է Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Հրանդ Երիցկինեան եւ Արտեմ Վանեան, որոնք այս օրերուն ճանաչողական այցելութեամբ Իսթանպուլի մէջ կը գտնուին։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան FIRST LEGO LEAUGE (FLL) 21-րդ մրցաշարքի Պոլսոյ ընտրական փուլին, որ տեղի ունեցաւ Կեպզէի թեքնիք համալսարանին մէջ։ Թարգմանչացցիները 16-րդ անգամ մասնակցեցան այս մրցաշարքին։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս, ներկայ ուսման շրջանի երկրորդ եռամսեան կը բնորոշուի՝ մասնաւորապէս մարմնամարզի ձեռնարկներու աշխուժութեամբ։ Շաբաթավերջին, համայնքային 14 վարժարաններու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ Տատեանի երդիքին տակ։
Ղալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ աւանդական ղափաման պատրաստելու ուղղեալ աշխատանոց մը։
Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր՝ «Կանանց շարժման ներշնչիչ հայեայցք մը» խորագրին ներքեւ։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան:
«Արաս» հրատարակչութիւնը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ ապահովելով, որ գրասէրները նորանոր հետաքրքրական գործեր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ։
Շիշլի մարզակումբի մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբը վերջին շրջանին ապահոված է յաղթական ընթացք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձած է։
Նորոգ հանգուցեալ Անի Ֆուլիանէ Ֆերահեանի վերջին հրաժեշտը՝ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Սամաթիոյ ընտանիքը անցեալ շաբթուան մէջ, Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ միջնակարգի սաներուն կողմէ։