ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՈԳԵՒՈՐ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ստեղծուած էր տօնական մթնոլորտ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքը կը սգայ կորուստը Սիւզան Հատտէճեանի, որ վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի մէջ կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Սիւզան Հատտէճեան մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն էր, կողակիցը՝ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ամանորեան տօնավաճառ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան՝ համախմբելով համայնքային շրջանակները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի 6-րդ դասարանէն խումբ մը սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Ժանէթ Թանտըրճըի եւ Լեռնա Գարագիւթիւքի։ Ամանորի սեմին զուգադիպած այս այցելութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարկին ներքեւ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը սաներ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու շրջանին այցելեցին Պէյօղլուի կարգ մը սրբավայրերը։ Այսպէս, իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, տղաքը նախ ծանօթացան Սեն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցիին, ուր տեսան համապատասխան դաւանանքի աւանդութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած մսուրը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Շաբաթավերջին, թաղի վարժարանին ի նպաստ նախատեսուած է տարեկան հանգանակութիւնը՝ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան զուգահեռ։
Կեդրոնական վարժարանի սաները երէկ այցելեցին Անգլիոյ հիւպատոսարանը՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը շրջելու համար։ Աշակերտները հիւրընկալեցին նախագծի պատասխանատուները՝ Էվրիմ Քարաճան եւ Տենիզ Ճենկիզ։ Խումբին ուղեկցեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Անի Փայլան։
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ վերածուեցաւ իր վայելած համատարած սիրոյ ու համակրանքի վառ դրսեւորման։
Պէյօղլուի ընտանիքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց հոգեբոյժ փրոֆ. Եանքը Եազկանը, որ Թուրքիոյ յառաջատար մասնագէտներու շարքին կը դասուի՝ կրթադաստիարակչական գծով։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի եւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ասուլիսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը։ «Հոգւոյս գոյները» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, որոնք կը համակրին Պերճուհի Պէրպէրեանի ստեղծագործութեան։