Երկուշաբթի 3, Նոյեմբեր 2025
ԷՍԱԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՊՈՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանի թատերախումբը մասնակցեցաւ Պողազիչի համալսարանի սիրողական թատրոնի օրերուն։ Երէկ, համալսարանի «Տեմիր Տեմիրկիլ» թատերասրահին մէջ Էսաեանի թատերախումբը ներկայացուց՝ Արման Վարդանեանի հեղինակած խաղը՝ բեմադրութեամբ Եղիա Աքկիւնի։ «Մշակութային բազմազանութեան օրեր»ու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ ներկայացումը, որու կազմակերպման իրենց նպաստը բերած էին նաեւ դպրոցի հայերէնի ուսուցիչները՝ Մարալ Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Արփէն Չընար։
Ներկայացման աւարտին, մուտքասրահի երդիքին տակ Էսաեանի աշակերտները զրոյցի մը մասնակցելով պատասխանեցին հանդիսատեսներու հարցումներուն։ Այս փուլին ներկայ էին նաեւ «Յանկարծ» թատերախումբի եւ Կեդրոնական վարժարանի թատերախումբի անդամները։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2025