ՌՈՊԷՐ ՔՈՓԹԱՇԻ UNUFAK-Ը ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎԷՊԻ ԽՐԱԽՈՒՍՄԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ԱԹԻԼԼԱ ԻԼՀԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հրատարակիչ, խմբագիր ու գրող Ռոպէր Քոփթաշի գրական աշխարհէն ներս վերելքը կը շարունակուի։ Շուրջ տարի մը առաջ «Իլէթիշիմ» հրատարակչութենէն լոյս տեսած «Unufak» վէպը արդէն արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Այսպէս, 2025 թուականի «Աթիլլա Իլհան» գրական մրցանակներու դափնեկիրներու շարքին դասուած է Քոփթաշ՝ անդրանիկ վէպի խրախուսման մասնաւոր մրցանակին արժանանալով։
«Աթիլլա Իլհան» գրական մրցանակները Թուրքիոյ մէջ ոլորտի կարեւորագոյն պարգեւներու շարքին կը դասուին։ Ի յիշատակ հանգուցեալ գրողին հաստատուած այս մրցանակները կը շնորհուին համանուն գիտութեան, գեղարուեստի եւ մշակոյթի հիմնարկին կողմէ, «Իշ» դրամատան մշակութային հրատարակչութեան խրախուսանքով։ Դատակազմի պատուոյ նախագահն է Տողան Հըզլան։
Ռոպէր Քոփթաշի «Unufak» վէպը կը խօսի Անատոլուէն Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքի մը՝ երեք սերունդի վրայ ձգուած ոդիսականին մասին։ Հեղինակը յաջողած է հետաքրքրութեան տարրը միշտ կենսունակ պահել։ Այս ստեղծագործութեան մէջ Ռոպէր Քոփթաշի լեզուի վարպետութիւնն ալ ուշադրութիւն գրաւած է՝ թշուառութեան, անճարութեան, առանձնութեան եւ մելամաղձոտ հոգեվիճակի վերաբերեալ դիպուկ բանաձեւումներով։
Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է 18 դեկտեմբեր 2025 թուականին, հինգշաբթի, ժամը 16։00-ին, TÜYAP-ի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Իսթանպուլի 42-րդ գրքի միջազգային տօնավաճառի շրջանակներէն ներս։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ռոպէր Քոփթաշը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։