ԱՂՕԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ՕՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիւգիւղի ընտանիքին կողմէ:
Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ իր սաները երէկ քաղաքէս հրաժեշտ առին՝ «Ալաճաճեան» սրահի սիրոյ սեղանէն եւ Վոսփորի նաւապտոյտէն վերջ:
Պատրիարքարանի մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երիտասարդաց հարցերու վերաբերեալ քննարկում մը։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Զատկի ընդունելութեան ընթացքին տեղեկացուցած էր այս մասին։
Տատեան սանուց միութեան թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ «Hangisi Babası» անուն զաւեշտը միութեան թատերախումբին կողմէ պիտի բեմադրուի՝ բեմադրիչ Մերթ Ասութայի մականին ներքեւ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն Գարակէօզեան Տան պարտէզին մէջ նախատեսուած է մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ որպէսզի համայնքային շրջանակները ըմբոշխնեն այս խանդավառ յոբելեանին, այս յատկանշական հանգրուանին առթած ուրախութիւնը։