ԶԻՊԷՉ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ
ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ՝ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակման առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր գործող «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պատանիներու կազմերը ներկայ եղանակը եզրափակեցին ողջունելի յաջողութիւններով։ Թաքսիմի մինչեւ 11 տարեկաններու ֆութպոլի կազմը յաղթական դուրս եկաւ այս եղանակին ունեցած բոլոր հանդիպումներէն ու դարձաւ ախոյեան։
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած 2015-2016 շրջանի դասընթացքները եզրափակուեցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզադահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հոծ բազմութիւն մը։