«ԶԱՆԳԱԿՆԵՐ»ՈՒՆ ՂՕՂԱՆՋԸ…
Կետիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի խանդավառ հանդէսը:
Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան կարեւորեց կրթական կեանքի այս առաջին փուլը՝ ճիշդ դաստիարակութեան համար հիմքեր ստեղծելու տեսանկիւնէն:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ճատրակի խումբը շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Թերաքքի» հիմնարկի դպրոցներուն կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքին։ Այս տարի 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այս ճատրակի մրցաշարքը, որու արդիւնքին Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ ախոյեան։
Համայնքային շրջանակները երէկ երեկոյեան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ համախմբուեցան Կայրէթթեփէի «Տետեման» պանդոկին մէջ:

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սոփրանօ Գարին Պոզքուրթ վաղը հանդէս պիտի գայ համերգով մը, որ կազմակերպուած է ի զօրակցութիւն լէօսեմիէ տառապող երախաներուն։ Համերգի յայտագրին մէջ Գարին Պոզքուրթ պիտի երգէ թենոր Պիւլենտ Քիւլեքճիի հետ։
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պատանիներու կազմերը ներկայ եղանակը եզրափակեցին ողջունելի յաջողութիւններով։ Թաքսիմի մինչեւ 11 տարեկաններու ֆութպոլի կազմը յաղթական դուրս եկաւ այս եղանակին ունեցած բոլոր հանդիպումներէն ու դարձաւ ախոյեան։