Թրքահայ կեանք

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ, ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016, Չո­րեք­շաբ­թի օր կա­յա­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար Ժո­ղո­վի ո­րոշ­ման մա­սին, նոյն օ­րը զե­կոյց մը հրա­պա­րա­կուած էր Հա­մա­գու­մա­ր Ժո­ղո­վի դի­ւա­նի կող­մէ։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔ

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ «Նա­րե­կա­ցի» սրա­հին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ իս­թան­պու­լա­հայ հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու եւ դպրոց­նե­րու ծնո­ղաց միու­թեանց ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­ւա­քը։ Սա 2016-2017 շրջա­նի ա­ռա­ջին հան­դի­պումն էր նման ձե­ւա­չա­փով։

«Պիտի թարմացնենք նախապէս եղած դիմումները»

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ Տ. Ա­ՐԱՄ ԱՐՔ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ. «Յա­տուկ թեքստ մը պի­տի պատ­րաս­տենք յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի զե­կոյցն ալ պի­տի կցենք այդ մէ­կուն եւ պե­տու­թեան մօտ դի­մում պի­տի կա­տա­րենք։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պի­տի մաս­նակ­ցի Նիւ Եոր­քի մէջ նա­խա­տե­սուած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։

«ԱՐԱՐԱՏ ԵՒ ԱՆԻ» ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ «ԱԿՈՒՄԲ»ԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից վար­չա­կան շէն­քի «Ա­կումբ»էն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նէ­շի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու շրջագ­ծով կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­նե­րու հա­մար ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Ա­րա­րատ եւ Ա­նի» խո­րագ­րեալ ժա­պա­ւէ­նը, որ այս տա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մը դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին մաս կազ­մած էր։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս խան­դա­վառ հան­դէ­սով մը նշուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Գի­րե­րու գիւ­տի 1611-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ դպրո­ցէն ներս կեան­քի կո­չուե­ցաւ ծրա­գիր մը, ո­րուն շնոր­հիւ ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հսկո­ղու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Նե­տա Պար­սա­մեա­նի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րօղ­լուի, այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղադ­րուած Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին յու­շար­ձա­նը։

ՍԻՊԻԼ ՀԱՄԵՐԳԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊԷՅՐՈՒԹ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ հա­մեր­գով մը հան­դէս պի­տի գայ Պէյ­րու­թի մէջ։ Այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած է «Հա­մազ­գա­յին»ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Այս տա­րի եւս Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը, ա­ռի­թն ու­նե­ցաւ մէկ­տե­ղուե­լու Ս. Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց տօ­նա­կա­տա­րու­թեան խոր­հուր­դին շուրջ։ Թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րով, թէ՛ կըրտ-սեր եւ թէ ե­րէց սե­րուն­դի ան­դամ­ներ հա­ղորդ դար­ձան Մշա­կոյ­թի շաբ­թուան փո­խան­ցած պատ­գա­մին։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը շա­բա­թա­վեր­ջին գու­մա­րուե­ցաւ եւ ար­դիւն­քին ընտ­րուե­ցաւ նոր՝ 44-րդ շր­ջա­նի վար­չու­թիւ­նը։ Միու­թեան առ­ժա­մեայ հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին վա­ւե­րա­ցուե­ցան Նու­պար Եըլ­տը­զի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ան­ցեալ շրջա­նի վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րե­րը։

Էջեր