ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ
Գնալը կղզիի մէջ սկսան Թաքսիմ մարզակումբի 2017 թուականի ամրան դասընթացքները։ Կղզիի մարզադաշտին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան դասընթացքի շուրջ քառասուն սաները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 241-րդ տարեդարձը Իսթանպուլի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով։ 4 Յուլիսի Անկախութեան տօնին առթիւ այս տարուան պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Մեճիտիէգիւղի «Fairmont» պանդոկին մէջ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան որոշած է՝ հրաժարեալ Պետրոս Շիրինօղլուի փոխարէն չկատարել նոր նշանակում մը կազմին մէջ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու առաջադրութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին փորձառու յայտնի ազգայիններ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մերժեց մաս կազմել նախաձեռնարկ մարմնին։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Պատրիարքարանի քոթայէն իր անունը դրած էր նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական՝ 9-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս Երեւան մեկնեցան յանձնելու համար քննութիւններ։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան հետ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ անոնք Երեւան մեկնեցան՝ յանձնելու համար պետական քննութիւններ եւ ունենալու համար համապատասխան վաւերացեալ վկայականներ, որոնց հիման վրայ իրենց լիսէի ուսումը պիտի շարունակեն Հայաստանի մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ կարեւոր համայնքային ժողով մը։ Այսպէս, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հրաւէրով, Պատրիարքարանի երդիքին տակ կը համախմբուին համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց ներկայացուցիչները։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն:
Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւոր հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը։
Եկեղեցական համագումար ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւը ներկայացուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան նկատառման։