Թրքահայ կեանք

ԱՄՈՒՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակները բարձր կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած տարեկան մատաղօրհութեան:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԽՈՒՄԲԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէ վե­րա­դար­ձին վեր­ջին օ­րե­րուն շարք մը հիւ­րեր ըն­դու­նեց Գում­գա­բուի մէջ։

VARTAN COLLECTION ԿԸ ՆՇԷ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ տե­ղա­կա­յուած Vartan Collection ար­ծա­թեայ զար­դե­րու խա­նու­թը ներ­կա­յիս կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձը։ Vartan Collection-ի հիմ­նա­դիրն է ար­ծա­թա­գործ ե­րի­տա­սարդ վար­պետ Վար­դան Յով­հան­նէ­սեան, որ իր յա­ճա­խորդ­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէ ձե­ռա­կերտ գոր­ծեր։

«ԱՐԱՍ» ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ TÜYAP-Ի ԳՐՔԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ

TÜYAP-ի Պէյ­լիք­տիւ­զի­ւի հա­մա­լի­րէն ներս այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի բա­ցուի Իս­թան­պու­լի 35-րդ գիր­քի տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 20-ը։ Տօ­նա­վա­ճա­ռին այս տա­րի եւս կը մաս­նակ­ցի «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը, ո­րու տա­ղա­ւա­րը պի­տի գտնուի հա­մա­լի­րի եր­րորդ սրա­հէն ներս՝ 603 D։

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐ «ԷՐԱՍՄՈՒՍ» ԾՐԱԳՐԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ

Հուն­գա­րիոյ Տեպ­րէ­ճէն քա­ղա­քին մէջ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցան «Է­րաս­մուս» ծրագ­րին շրջագ­ծով աշ­խա­տան­քի մը։ «Եւ­րո­պա­կան աշ­խա­տան­քա­յին շու­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար» խո­րագ­րեալ նա­խագ­ծին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Սե­ւակ Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Սե­լին Պա­պա­սըզ եւ Թա­լիա Կե­ւիք։

«ՈՄԱՆՔ» ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ա­ռըն­թեր գոր­ծող Մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ո­մանք» խում­բին հա­մեր­գը։

ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿ, ՆՈՐ ԵՌԱՆԴ

Այս տարի Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքներուն մասնակցութիւն կը բերէ 450 աշակերտ:
Վոլէյպոլի, պասքեթպոլի եւ ճատրակի մէջ շիշլիցիները աշխատանք կը տանին փորձառու մարզիչներու վերահսկողութեան ներքեւ:

ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակները գործնական զօրակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել յուսադրիչ հանգանակութիւն՝ դպրոցի յառաջիկայ կայունութեան երաշխաւորման տեսակէտէ: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:

Էջեր