Թրքահայ կեանք

ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ

Իս­թան­պու­լա­հայ սա­նուց եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ Օր­թա­գիւ­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ աշ­նան բա­ցօ­թեայ հա­ւաք մը։ «Ոս­կի ա­շուն»ի ա­ւան­դու­թիւ­նը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու եւ ձմեռ­նա­մու­տը միաս­նա­բար ող­ջու­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն հա­ճե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է այս մէ­կը, ո­րու նա­խըն­թա­ցը ձե­ւա­ւո­րուած է տա­րի­նե­րէ ի վեր։

ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

«Պո­ղա­զի­չի» եւ «Պահ­չէ­շե­հիր» հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սա­խօս Էր­թուղ­րուլ Զոր­լու­թու­նա վեր­ջերս այ­ցե­լեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մեր պա­տուա­կալ աշ­խա­տա­կից Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեա­նի։ Ա­կա­դե­մա­կան գետ­նի վրայ ծա­ւա­լած եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռըն­թեր Էր­թուղ­րուլ Զոր­լու­թու­նա ան­ցեա­լի մէջ մի­ջոց մը աշ­խա­տած է նաեւ մա­մու­լի ո­լոր­տէն ներս։

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէս մը՝ Թարգ­ման­չաց տօ­նին առ­թիւ։ Վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։

ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐԸ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ՝ ՇՓՈՒԵԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Պատ­մու­թեան կա­ճա­ռի տնօ­րէն Փրոֆ. Ա­շոտ Մել­քո­նեան, որ քա­ղաքս հրա­ւի­րուած է Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուի «Պոլ­սա­հա­յե­րը (1923-1939)» գրքի շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ, այս շա­բա­թա­վեր­ջը կ՚ան­ցը­նէ Իս­թան­պու­լի մէջ, իր կո­ղակ­ցին՝ Լու­սի­նէ Մել­քո­նեա­նի հետ, որ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան թան­գա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան մաս կը կազ­մէ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԹԻՒՐԱՊԻՔ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Տքթ. Պետ­րոս Թիւ­րա­պիք։ Մեր բժշկա­կան դա­սու յայտ­նի դէմ­քե­րէն մին ե­ղած է ան՝ որ­պէս ջղա­յին հի­ւան­դու­թեանց մաս­նա­գէտ։ Եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ, ստանձ­նե­լով նաեւ վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ ՆՇԵՑԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր հան­դէ­սով մը նշե­ցին Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէ­սը, ո­րու յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լուի եւ իր խումբ մը գոր­ծա­կից­նե­րուն։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին խմբերգ­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Գա­րին Սուս­մա­քի կող­մէ։

Էջեր