Կիրակի 11, Մայիս 2025
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի չորրորդ դասարանի փոքրիկներուն շրջանաւարտութեան հանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Տղաքը ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը արժանանալով ծափահարութիւններու։ Շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին դասարանի ուսուցչուհի Էլիզ Շարքլը եւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին հատուեցաւ տղոց համար պատրաստուած կարկանդակը։
Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018