ՔԸՐՄԸԶԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՍԵՂԱՆ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներու վերանորոգեալ կոթողային դամբարանի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ այդ շիրիմը վերակառուցուեցաւ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ, ինչպէս նաեւ «Հայճար»ի եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներդաշնակ համագործակցութեամբ։