Թրքահայ կեանք

ՄԱՀ՝ ԲԱՐՍԵՂ ԹՈՒՂԼԱՃԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է յայտ­նի պատ­մա­բան ու բա­ռա­րա­նա­գիր Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան։ Ան ե­ղած էր մեր մտա­ւո­րա­կան կեան­քի աշ­խոյժ դէմ­քե­րէն մին՝ բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցած ըլ­լա­լով Մի­չի­կը­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Մխի­թա­րեա­նի սան Բար­սեղ Թուղ­լա­ճեան ա­ւար­տած էր Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Ե­րէկ, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը Գում­գա­բուի մէջ հեր­թա­կան ան­գամ ժա­մադ­րուած էին՝ ի նպաստ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օրուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ

​​Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ քէր­մէս մը։ Եր­կօ­րեայ ծրա­գի­րը ծնո­ղաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կեանքի կո­չուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Քէրմէսին պատ­րաստուած էին ձեռագործ իրե­ղէն­ներ։ Դպրո­ցի հա­մա­կիր­նե­րը տա­ղա­ւար­նե­րը այ­ցե­լե­լով ը­րին գնում­ներ եւ գո­յա­ցած հա­սոյ­թը յատ­կա­ցուե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան։

ՊԷԶՃԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րե­ցին «Մար­մա­րա» կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած սքրապ­լի մրցա­շար­քին շրջագ­ծով։ Մայր վար­ժա­րա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Ար­սէն Քա­պէ, Սե­սիլ­տա Քա­րա­փեք­մէզ, Նա­տին Մազ­ման­լըօղ­լու, Գա­րուն Արս­լան եւ Ռի­նա Աք­պաշ։

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՍԳԱՅ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՇԻԼԹԵՓԷԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Ցա­ւով տե­ղե­կա­ցանք, որ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը կը սգայ իր ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն մէ­կուն կո­րուս­տը։ Ոչ եւս է Տքթ. Յով­հան­նէս Ե­շիլ­թե­փէ, որ ե­ղած է վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն մին։

ՄԿՐՏԻՉ ԿԻՒԼԷԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ա­տամ­նա­բոյժ Մկրտիչ Կիւ­լէ­զեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րան։ Ան հեր­թա­կան ան­գամ քննու­թեան են­թար­կեց ա­շա­կերտ­նե­րու ա­տամ­նե­րը։ Զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր այս այ­ցը, ո­րով­հե­տեւ մաս­նա­գէտն ալ ան­ցեա­լի մէջ ե­ղած էր Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն մին։

«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը «Ար­մէնփ­րէս» եւս ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յէն կոր­սուած իւ­ղան­կա­րի հար­ցին։ Գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը մատ­նանշած է, որ երկ­րի Քննչա­կան վար­չու­թիւ­նը այս հար­ցին շուրջ որ­պէս վկայ ունկնդ­րած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին՝ շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Այս­պէս մեր հիւ­րերն էին՝ Եւ­գի­նէ Վան­լը, Նուր­հան Սու­ճեան եւ Ե­դուարդ Պալ­ճը։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը թա­փով կ՚ըն­թա­նան ի նպաստ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մանրամասնութիւններ յանձնած է պատկան մարմիններու նկատառման:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն լուսաբանութիւններով հանդէս եկաւ Պատրիարքարանի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին շուրջ: Երեւանի մէջ կը սպասուին Ռուսաստանի կառոյցներէն պահանջուած քննութիւններու արդիւնքներուն:

Էջեր