ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աւանդական այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի կ՚ունենայ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ սկսաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աւանդական այս մրցաշարքը արդէն 13-րդ անգամ տեղի կ՚ունենայ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն կազմակերպուեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հանգուցեալ դարպասապահ Ալեքսան Տատեանի յիշատակին։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս միջվարժարանային ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Մրցումները տեղի ունեցան Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտին վրայ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի սիրուած մեներգիչ Պարթեւ Կարեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ համերգով մը։ Պարթեւի համերգը նախատեսուած է «Լէյլա Կենճէր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Ծնողներու եւ հիւրերու ալ ներկայութեամբ իսկապէս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցէն ներս։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը։ Մայրերու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին մասնակցեցան մեր զանազան թաղերէն Կազդուրման կայանի համակիր տիկիններ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն աշակերտներ մրցանակներ նուաճած են միջվարժարանային շարք մը մրցոյթներու մէջ։ «Նոթր Տամ Տը Սիոն» հիմնարկին կողմէ հովանաւորուած «Neslin değişen sesi» վարժարանը այս տարի վեցերորդ անգամ կազմակերպած է պատմուածքի ու բանաստեղծութեան մրցոյթ մը։
Կեդրոնական վարժարանը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 130-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է յատուկ ձեռնարկ մը, որ խորագրուած է՝ «Հայ դպրոցը՝ անցեալէն դէպի այսօր»։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ ընդունեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբու փութացած էր՝ Հոգեգալստեան տօնին ընդառաջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը իրականացուցին դէպի Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածի բնակավայրեր։ Արհեստավարժ յատուկ ուղեցոյցի մը ներկայութեամբ կազմակերպուած այս շրջագայութեան ծրագիրը ընդգրկեց՝ Սաֆրանպոլուն, Ամասրան, Զոնկուլտաքը եւ մերձակայ տարածքները։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբին ներկայացումը։