Թրքահայ կեանք

ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Իսթանպուլահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն նոր տարուայ աւանդական հաւաքը՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկան շնորհաւորական խօսքերով ու մաղթեցին, որ 2017-ին ամէնուրեք տիրէ խաղաղութիւնը:

ԱՄԱՆՈՐԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ աւանդական ձեռնարկ՝ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Լուսաւորիչ երգչախումբը մեր հոգեւոր երաժշտութենէն նմոյշներ ներկայացուց խորապէս տպաւորիչ ձեւով՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­մու­տի ա­ւան­դա­կան ման­կանց խրախ­ճան­քը։ Հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած այս խրախ­ճան­քին ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տղա­քը հան­դէս ե­կան ե­լոյթ­նե­րով, ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց ու մա­նա­ւանդ նուէր­ներ ստա­ցան Կա­ղանդ պա­պու­կին ձե­ռամբ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր հան­դէս մը։ Տղա­քը՝ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն վե­րահս­կո­ղու­թեամբ պատ­րաս­տուած էին ի­րենց տե­սա­կէ­տէ իս­կա­պէս շատ զուար­ճա­լի այս ձեռ­նար­կին։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ Նոր տա­րուան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր հան­դէս մը։ «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» նո­րա­կա­ռոյց գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2017-ի տա­րե­մու­տին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան հան­դէս մը։ Ամ­բողջ դպրո­ցը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց Նոր տա­րին։ Ա­մա­նո­րեան հան­դէ­սը հա­մախմ­բեց վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներն ու հիւ­րեր։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խան­դա­վառ հան­դէս մը։ Դպրո­ցի սա­նե­րը յա­ջող եր­գե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց հիմ­նա­կան ա­մա­նո­րեան մաղ­թան­քը, որն էր աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

ԹՌՉՆԱԳԻՐ ՏԵՏՐԵՐ

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրաւ նրբա­ճա­շակ նո­թա­տետ­րեր, ո­րոնք զար­դարուած են հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան թռչնագ­րե­րով։

ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն Ա­մա­նո­րի ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­րուած էին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կող­մէ։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ե­րէկ, Գա­րա­կէօ­զեան ման­կա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խրախ­ճանք մը, ո­րու ըն­թաց­քին փոք­րիկ­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Նա­տիա-Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­նո­ցի աշ­խա­տան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Էջեր